2013-11-25 13:05:45

Սուրբ Եոզաֆադի մասունքներու` Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէջ զետեղման 50 ամեակը։


Երկուշաբթի, 25 նոյեմբերի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագի արարողութիւն մը զոր նախագահեցին Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի եւ Ուկրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Աւագ Արքեպիսկոպոս գերերջանիկ Սվիադոզեաւ Չէվչուք մասնկացութեամբ Ուկնարիոյ Յոյն Կաթողիկէ սիւնհոդոսական հայրերուն եւ Հռոմ ժամանած աւելի քան 3000 ուխտաւորներուն։
Արարողութեան աւարտին Յոյն Կաթողիկէ ուխտաւորները առիթ ունեցան հադիպելու Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին որ անոնց ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ վերյիշեց թէ ինչպէս ''Պօղոս Զ քահանայապետի օրով` 22 նոյեմբեր 1963-ին, Սուրբ Եոզաֆադի մարմինը զետեղուեցաւ Մեծն Սուրբ Բարսեղի խորանին տակ։ Քահանայապետը ապա մատնանշեց Սուրբին առաքինութիւններուն ընգծելով Սուրբերու հետ հաղորդութեան կարեւորութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապը խօսեցաւ նեաւ Եկեղեցւոյ հաղորդութեան մասին ուր ''քրիստոնէական մեր կեանքի ամէն մէկ երեւոյթ յատկանշուած է միասին կառուցելու եւ համագործակցելու իղձով, ու մէկը միւսէն սորվելու` հաւատքը վկայել միասնբար։ Այս ուղեւորութեան մեզի կ՛ընկերանայ Յիսուս Քրիստոս` Յարուցեալ Տէրը - ըսաւ Քահանայապետը - ու հաստատեց թէ ''Սուրբ Եոզաֆադը յիշատակելու ամէնէն գեղեցիկ ձեւն է իրար սիրել ու Եկեղեցւոյ միութեան ի սպաս ծառայել։ Նորին Սրբութիւնը ապա մաղթանք յայտնեց որ ներկնաերը Ուկրանիոյ մէջ եւ այլուր կարենան եղբայրութեան կամուրջներ կառուցել, այլ եկեղեցիներուն ու հասարակութիւններուն հետ ապա անոնց վրայ հայցեց Աստուածամօր եւ Սուրբ Եոզաֆադի բարեխօսութիւնը ու ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը ներկաներէն խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.